Ռուսիոյ Պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու յայտարարած է, որ Ռուսիա սկսած է Սուրիոյ մէջ իր մշտական գոյութիւնն ապահովող երկու օդային ռազմակայաններ հիմնելու աշխատանքները, որոնցմէ մէկը՝ Թարթուսի մէջ, միւսը՝ Հմէյհէմ: Այս մասին կը հաղորդէ «Sky News» լրատուական կայքը:
Նշենք, որ սոյն թուականի հոկտեմբերին Քրեմլին յայտարարած էր Փութինի եւ Սուրիոյ կառավարութեան միջեւ կնքուած համաձայնագիրին մասին, ըստ որուն Սուրիոյ կառավարութիւնը Ռուսիոյ կ'արտօնէր Հմէյմէմի ռազմակայանը օգտագործել, մինչ նոր տնօրինում: