Սուրիոյ Արդիւնաբերութեան նախարար Ահմատ Ալ Համու յայտարարած է, որ բոլոր այն գործարանները, որոնք ահաբեկչական գործողութիւններու հետեւանքով դադրած էին աշխատանքէ, այդ շրջաններու ազատագրումէն ետք ներկայիս վերանորոգման աշխատանքներ կ'իրականացուին, նշուած գործարաններու աշխատանքը վերսկսելու համար, կը յայտնէ «Սփութնիք» լրատուական գործակալութիւնը:
Նախարարը նշած է նաեւ, որ Հոմսի պարարտանիւթերու գործարանն արդէն իսկ սկսած է աշխատիլ, աւելի քան երկու տարուան դադարէն ետք:
Նախարարը բարձր գնահատած է բոլոր այն անհատներու ջանքերը, որոնք նպաստեցին գործարանի վերաբացման, շեշտելով, որ այն իրականացաւ գործարանի բոլոր աշխատակիցներու համատեղ ջանքերուն շնորհիւ: