Ամերիկեան «CNN» լրատուական ցանցը յայնտած է, որ Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններու ծայրայեղականները «Telegram» կայքի միջոցով ամերիկեան զէնքեր վաճառքի հանած են:
Աղբիւրին փոխանցմամբ, նշուած զէնքերը որոշ ժամանակ առաջ ԱՄՆ մատակարարած էր Սուրիոյ ընդդիմադիրներուն, որպէսզի անոնցմով «Իսլամական Պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման դէմ պայքարին:
Լրատուական ցանցը նշած է, որ ինք կեղծ անուամբ գրանցուելով նշուած կայքին մէջ իտլիպցի քաղաքացիէ մը «M16» տիպի հրացան գնելու առաջարկ ստացած է:
Աղբիւրին փոխանցմամբ, ամերիկեան զէնքերու վաճառքի արժէքը 850 ԱՄՆ տոլար է:
«CNN» նաեւ հրապարակած է իր եւ յիշեալ վաճառողին միջեւ տեղի ունեցած նամակագրութիւնն ու վերջինիս վաճառած զէնքերու լուսանկարները: