Տարբեր աղբիւրներ կը հաղորդեն, որ Սուրիոյ խորհրդարանի մեծ թիւով անդամներու գրաւոր պահանջագիրի համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Հատիյէ Ապպասը երէկ հեռացուեցաւ իր պաշտօնէն: Հակառակ իր պաշտօնանկութեան Ապպաս պիտի շարունակէ մնալ խորհրդարանի անդամ (ընտրուած Տէր Զօր նահանգէն)
Նշենք, որ , երէկ երեկոյեան ժամը 8-ին տեղի պիտի ունենար արտահերթ նիստ մը, խորհրդարանի նոր նախագահ ընտրելու համար: Նիստը պիտի նախագահէր Նաճտաթ Անզուրը, որ խորհրդարանի փոխ նախագահն է: