Թուրքիոյ ռազմաօդային ուժերը անօդաչու թռչող սարք խոցած են, որ մի քանի անգամ խախտած էր երկրի օդային տարածքը հարեւան Սուրիոյ կողմէ: Այս մասին յայտնած է ТАСС գործակալութիւնը՝ վկայակոչելով Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան:
Գերատեսչութեան տուեալներով՝ միջադէպը տեղի ունեցած է շաբաթ: «Անօդաչու թռչող սարքը, որ 28 սեպտեմբերին վեց անգամ խախտած է մեր օդային տարածքը սուրիական սահմանի կողմէ եւ որու պատկանելիութիւնը դեռ չէ պարզուած, խոցուած է երկու F-16 կործանիչներու օգնութեամբ, որոնք օդ բարձրացած են «Ինճիրլիք» ռազմակայանէն», - ըսուած է թրքական գերատեսչութեան թուիթըրեան հաղորդագրութեան մէջ, որուն կից հրապարակուած են անօդաչուի լուսանկարները: