Սուրիոյ կապի «Սիրիաթել» ընկերութեան հովանաւորութեան ներքոյ Լաթաքիայի մէջ տեղի ունեցած է Սուրիոյ բանակի զինուորներու եւ նահատակներու ընտանիքներու պարգեւատրումն ու 120 զինուորներու հարսանեկան խրախճանքը: Այս մասին կը յայտնէ «Սփութնիք» լրատուական գործակալութիւնը:
Հարսանեկան խրախճանքը տեղի ունեցած է Լաթաքիոյ մարզաւանին մէջ, ուր մինչեւ վերջերս իրենց տուներէն զրկուած անօթեւաններ կը բնակէին:
Արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերած են շարք մը հանրայայտ երգիչներ, արուեստի գործիչներ, իսկ որպէս նուէր, հովանաւոր ընկերութիւնն իր վրայ վերցուցած է ամուսնացող զոյգերու հիւրանոցային կեցութեան ծախսերը:
Հովանաւոր ընկերութեան այս քայլը կ'որակուի որպէս տարիներէ ի վեր երկիրը պաշտպանող խիզախ զինուորներուն երախտիքի փոխհատուցում: