image

Սուրիոյ Ալ Քարիաթայն քաղաքի բնակիչները տուն կը վերադառնան

Սուրիոյ Ալ Քարիաթայն քաղաքի բնակիչները տուն կը վերադառնան

Ամիս մը առաջ Սուրիոյ բանակին կողմէ ռւսական ուժերու օգնութեամբ ազատագրուած Ալ Քարիաթէյն քաղաքի բնակիչներն այսօր իրենց տուները կը վերադառնան, կը գրէ «Ալ Տիար» լրատուական կայքը:

Նշենք, որ քաղաքը 2015 թուականին ինկած էր «Իսլամական Պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման իշխանութեան տակ, որմէ տարի մը անց՝ 2016 թուականին Սուրիոյ բանակը կարողացաւ ազատագրել այն, սակայն 2017 թուականի սեպտեմբերին այն վերստին յայտնուեցաւ նոյն խմբաւորման տիրապետութեան տակ:

Սոյն թուականի 21հոկտեմբերին ռուսական օդուժի օժանդակութեամբ քաղաքը վերջնականապէս ազատագրուեցաւ:

Ըստ տեղական տուեալներու, նախքան պատերազմը Ալ Քարիաթէյն քաղաքի բնակչութեան թիւը 40 հազար էր, որմէ այսօր մնացած է 9 հազար բնակիչ: