ՄԱԿ-ի մօտ Սուրիոյ ներկայացուցիչ Պաշշար Ճաաֆարի յայտարարած է, որ Սուրիոյ մէջ գտնուող ահաբեկչական խմբաւորումները կը պատրաստուին յառաջիկայ օրերուն քիմիական յարձակում կատարելով Սուրիոյ կառավարութիւնը մեղադրել:
Սուրիոյ մարդասիրական իրավիճակի քննարկման յատկացուած նիստի ժամանակ հանդէս գալով Ճաաֆարի յայտնած է, թէ 20 փետրուարին երեք բեռնատար մեքենաներ Թուրքիայէն Իտլիպ մտած են, եւ ըստ Սուրիոյ կառավարութեան ձեռք բերած տուեալներուն, ահաբեկիչները Թուրքիոյ թելադրանքով կը պատրաստուին քլորի կիրառմամբ քիմիական յարձակում իրագործել:
Նշեն, որ աւելի վաղ Ռուսիա նոյնպէս զգուշացուցած էր ահաբեկչական խմբաւորումներու կողմէ քիմիական զէնքի կիրառման մտադրութենէն: