Սուրիոյ մարդահամարի կեդրոնական գրասենեակի նոր տուեալներուն համաձայն, Սուրիոյ բնակչութեան 23,4 տոկոսը միայն բաւարար սնունդով ապահովուած է: Այս մասին կը հաղորդէ «Սփութնիք» լրատուական գործակալութիւնը:
Ինչ կը վերաբերի մնացեալին, անոնք իրենց հերթին բաժնուած են երկու խումբի.
45,6 տոկոսը սննդամթերքի պակասի ենթարկուելու սահմանագիծի վրայ են, մինչդեւ 31 տոկոսը կատարեալ անապահով վիճակի մէջ են:
11 նահանգներու մէջ տեղի ունեցած ուսումնասիրութիւնը ցոյց տուած է, որ Թարթուս 38,3 տոկոսով կը զբաղեցնէ սնունդով ապահովուած շրջաններու ցուցակի գլխաւոր տեղը, մինչդեռ Համա ամէնէն անապահով նահանգը կը համարուի՝ 12,3 տոկոսով:
Սննդամթերքի պակասի եզրին գտնուող բնակչութեան թիւի առումով գլխաւոր տեղը կը զբաղեցնէ Լաթաքիան՝ 54,4 տոկոսով: