Լիբանանի մէջ Փախստականներու հարցերով նախարար Մուին Ալ Մուրիիպի նախարարութենէն ներս երէկ տեղի ունեցած համագումարի ընթացքին շեշտած է, որ Լիբանանի մէջ սուրիացի փախստականներու խնդիրը մօտ ապագային պիտի լուծուի: Այս մասին կը հաղորդէ «Only Lebanon» լրատուական կայքը:
Մուրիիպի յայտնած է, որ սուրիացի փախստականներուն վերաբերող խնդրի վերջնական լուծումը նախատեսուած է յառաջիկայ ամրան սկիզբը, յատկապէս՝ 2018 թուականի յունիս եւ յուլիս ամիսներու միջեւ:
Նախարարին պնդմամբ, նշուած թուականէն ետք Լիբանան ամբողջովին պիտի դատարկուի սուրիացի փախստականներէ, սակայն այն չի վերաբերիր այն սուրիացիներուն, որոնք օրինաւոր կամ ապօրինի կերպով կեցութիւն հաստատած են երկրին մէջ, այլ այն 980 հազար սուրիացիներուն, որոնք պաշտօնապէս ընդգրկուած են փախստականներու ցուցակին մէջ: