Սուրիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներէն մէկը յայտնած է, որ Էրտողան կը շարունակէ ոչ հաւաստի տեղեկութիւններ տարածելով արդարացնել իր կատարած յանցագործութիւնները Սուրիոյ բնակչութեան նկատմամբ: Այս մասին կը գրէ «Սանա» լրատուական գործակալութիւնը:
Ի պատասխան Էրտողանի կողմէ նախագահ Ասատի «ահաբեկիչ» կոչուելուն, Սուրիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներէն մէկը յայտարարած է, թէ Էրտողան կը շարունակէ ապատեղեկատուութիւն տարածել ու հասարակական կարծիքը շեղելու անյաջող փորձեր կատարել, ահաբեկչական տարբեր խմբաւորումներու աջակցութիւն ցուցաբերելու ճամբով Սուրիոյ արաբ ժողովուրդին նկատմամբ իր կատարած պատերազմի ոճիրները արդարացնելու նպատակով:
Սուրիացի պաշտօնեան նշած է նաեւ, որ Էրտողան իր դէմ արտայայտուող լրագրողներուն ձայնը խեղդելու նպատակով Թուրքիան մեծ բանտի վերածեց, միաժամանակ շեշտելով, որ «Էրտողան Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած արիւնայեղութեան գլխաւոր պատասխանատուն է, եւ սուրիական հողեր մտնելով թշնամանք առաջացնելը ահաբեկչութեան սատարման երեւոյթներէն մէկն է»,- եզրափակած է սուրիացի պաշտօնեան: