Սուրիոյ մէջ տիրող պատերազմական իրավիճակի բերումով դարձեալ լրագրող մը զոհուած է: Այս մասին կը գրէ «Lebanon 24» լրատուական կայքը, փոխանցելով «Հըզպալլա»ի ռազմական լրատւութեան հրապարակած լուրը:
Աղբիւրին համաձայն, զոհուած լրագրողը՝ Ուալիտ Խալիլ, Սուրիոյ Պաշտպանութեան նախարարութեան քաղաքական վարչութեան ռազմական լրագրողն է:
Ուալիտ Խալիլ զոհուած է այն պահուն, երբ իր լրատուական աշխատանքը կը կատարէր Դամասկոսի արուարձաններէն Հարասթայի մէջ ընթացող մարտերը լուսաբանլով: