Այսօր Սոչիի մէջ ընթացք առած ժողովին խումբ մը քրիստոնեայ հոգեւորականներ բարձրացուցած են տարիներ առաջ Հալէպի մօտ առեւանգուած երկու կրօնաւորներու պատկերը: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Սոչիէն: Սուրիահայութեան կողմէն սոյն ժողովին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Սուրիոյ խորհրդարանի անդամներ ՝ դոկտ. Նորա Արիսեան (Դամասկոս), Ժիրայր Ռէիսեան (Հալէպ) եւ Դամասկոսի Թեմի Առաջնորդ Տ. Արմաշ եպս. Նալպանտեան:
Յիշեցնենք, որ Հալէպի երկու առաջնորդները կը կոչուին Եուհաննա Իպրահիմ եւ Պուլոս Եազըճի: ՄինչԵոհաննա Իպրահիմ եպիսկոպոս Հալէպի ասորի ուղղափառ համայնքի առաջնորդն էր, իսկ Պուլոս Եազըճի եպիսկոպոս յոյն ուղղափառ համայնքի Հալէպի առաջնորդը: 2013 թուականին առեւանգուած սրբազաններուն մասին ցարդ ոչ մէկ տեղեկութիւն կը հաղորդուի: