Սէուտական Արաբիոյ թագաւորական դիւանի խորհրդական Սէուտ Քահթանի քանի մը թուիթըրեան գրառմամբ անդրադարձած է Քաթարի գահակալի մօր՝ շէյխա Մոզայի շուրջ տարածուող բամբասանքներուն:
«Սփութնիք» լրատուական գործակալութեան փոխանցմամբ, Քահթանի գրառումներէն մէկուն մէջ նշած է. «Ճգնաժամի առաջին իսկ օրէն ըսած եմ, ու դարձեալ կը կրկնեմ. Մարդոց պատիւը կարմիր գիծ է»:
Քահթանի աւելցուցած է, որ շէյխա Մոզայի մասին երբեք ոեւէ անձ վատ բան չէ լսած, հետեւաբար զինք վատաբանողը անդաստիարակ է, իսկ եթէ սէուտցի է, ուրեմն օրէնքով պատասխանատուութեան պիտի ենթարկուի: