image

«Շատ բան ձգած եմ Հալէպ, բայց ետ չեմ դառնար». Պատերազմի ականատեսի յիշողութիւնն ու մասնատուած ընտանիքը

«Շատ բան ձգած եմ Հալէպ, բայց ետ չեմ դառնար». Պատերազմի ականատեսի յիշողութիւնն ու մասնատուած ընտանիքը

«Հալէպ  կ'ուսանէի, հայկական դպրոց կ'երթայի…հիմա չեմ ուզեր շատ բան յիշել: Երբ պատերազմը սկսաւ, մեր կեանքը լրիւ իրար խառնուեցաւ: Չէինք գիտեր` տունէն դուրս ելլենք, թէ` ոչ: Վախնալով խանութ կ'երթայի, կու գայի: Ամէն անգամ որ դուրս կ'ելլէի, չէի գիտեր՝ ետ կը վերադառնա՞մ, թէ՛՝ ոչ: Ամբողջ օրը տունն էի»,-կ'ըսէ 18-ամեայ Յակոբ-Գէորգ Գազանճեանը:

Ան սուրիական պատերազմի ականատէս է: Ընդամէնը 200 մեթր հեռաւորութենէն ապրեր եւ զգացեր է պատերազմի շունչը, ականներու եւ փլուզուող շինութիւններու փոշիի հոտը: Կ'ըսէ` իրենց տունը Վենէզուէլլա թաղամասը եղած է, իսկ անկէ քիչ մը հեռու` պատերազմական գործողութիւններ սկսած են:

-Շատ բան թողած եմ Հալէպ` տունս, ընկերներս, յիշողութիւններ: Ոչ մէկ բան կրցած եմ բերել Հայաստան: Լաւ օրերս Հալէպ ձգած եմ, եկած` Հայաստան,-կը պատմէ պատերազմի ականատեսը:

Յակոբ-Գէորգ Գազանճանը Հալէպէն Գիւմրի ժամանած է ծնողներու հետ: Ան անկեղծօրէն կ'ըսէ` Հալէպի մէջ ապրիլը աւելի դիւրին է: Հայերը հոն կ'ապրին արաբներու, թուրքերու հարեւանութեամբ եւ անոնց հետ ջերմ յարաբերութիւններու մէջ են:

-Երբ պատերազմը մեր թաղամաս հասաւ, Հալէպի մէջ այլեւս հնարաւոր չէր ապրիլ: Ընտանիքիս հետ եկայ Կիւմրի: Ծնողներս աշխատանքի պատճառով մեկնած են Երեւան, ես մնացեր եմ Կիւմրի: Պատերազմը մասնատեց իմ ընտանիքս, -կ'ըսէ տղան՝ աւելցնելով, որ Սուրիոյ մէջ դեռ հարազատներ ունի, որոնք վտանգի մէջ են:

-Քոյրս կ'ըսէ, որ վտանգ կայ դեռ: Ձեւով մը, համակերպելով կ'ապրին: Կ'ուզեն գալ, բայց հնարաւորութիւն չեն տար, ճամբաները փակ են: Հիմա իրենք Լաթաքիա կ'ապրին: Հալէպ ալ հնարաւոր չէ: Հայաստան գալէս ետք լաւ էր, բայց միայն առաջին 10 օրը: Յետոյ հասկցայ, որ ինձ ոչ մէկը կը հասկնայ: Օտարի աչքով կը նայէին: Կը նեղացնէին, կ'ըսէին` իսլամիսթ ես, թեռորիսթ ես, -կ'ըսէ սուրիահայ երիտասարդը եւ կ'աւելացնէ, որ ուսումնասիրած է Կիւմրիի բնակիչներու խառնուածքը, բնաւորութեան գիծերը եւ այսօր հարմարուած է անոնց ապրելակերպին: Այստեղ արդէն ընկերներ ունի:

Այժմ ան կը սորվի թիւ 4 արհեստագործական ուսումնարանէն ներս, ռատիո-կապի մասնագէտ պիտի դառնայ: Կը սիրէ ընտրած մասնագիտութիւնը, կը նախընտրէ նաեւ երաժշտութիւնը, կը նուագէ պասկիթառ: Ազատ ժամանակ կամաւորական հիմունքներով բարեգործական հասարակական կազմակերպութիւններու մէջ որոշ աշխատանք կը կատարէ: «Կը վերադառնա՞ս Հալէպ», հարցին մտածելու առիթ կու տայ:

-Ընկերներ ունիմ, յիշողութիւններ, բայց չեմ երթար ետ, նոյնիսկ եթէ պատերազմ չըլլայ: Պատերազմէն ետք մարդոց հոգեվիճակը աւելի բարդ է: Կը դժուարանամ այնտեղ ապրիլ,-կ'եզրափակէ ան: Կիւմրին Յակոբ-Գէորգին գրաւած է, այստեղ ապրելու որոշումը հաստատակամ է:



Նիւթի աղբիւր ՝ «Ասպարէզ»

Նարեկ Կիրակոսեան