image

Սէուտական Արաբիա դէմ է իր հողերուն վրայ թրքական խարիսխներ հիմնելու

Սէուտական Արաբիա դէմ է իր հողերուն վրայ թրքական խարիսխներ  հիմնելու

Սէուտական պատասխանատու աղբիւրներ յայտարարած են, որ «Չեն արտօներ Թուրքիոյ ռազմակայան տեղադրել իր հողերուն վրայ»: Այս մասին SkyNews-ի համաձայն՝ կը յայտնէ սէուտական լրատուական գործակալութիւնը:  

Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ իրենք բարձր կարողութիւններով օժտուած ռազմական միջոցներու կը տիրապետեն եւ Թագաւորութիւնը Թուրքիոյ ուժերուն կարիք չունի», աւելցնելով, որ «Սէուտական Արաբիան իր սահմաններէն դուրս նոյնպէս ռազմական ուժի մեծ մասնակցութիւն ունի, ինչպէս Թուրքիոյ «Ինճիրլիք» ռազմակայաին մէջ, որոնք կը ծառայեցնէ տարածաշրջաի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման եւ ահաբեկիչներու դէմ պայքարին»: