image

Ռուսիա կը մեղադրէ Միջազգային դաշնութիւնը «Նուսրա»ն «փրկելու» մէջ

Ռուսիա կը մեղադրէ Միջազգային դաշնութիւնը «Նուսրա»ն «փրկելու» մէջ

Ռուսիոյ Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարած է, որ Ժնեւի մէջ ՄԱԿ-ի Սուրիոյ յանձնակատար Տէ Միսթուրայի հետ բանակցութիւններ իրականացնելէ ետք այն համոզման եկած են, որ Սուրիոյ պատերազմը յետ այսու անբաղձալի արդիւնքներ պիտի ունենայ միայն ահաբեկիչներուն համար:

«Ռոյթըրզ» լրատուական գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին Լաւրով շեշտած է, որ իր կարծիքով Սուրիոյ պատերազմը ոչ բաղձալի արդիւնքներ պիտի չունենայ, սակայն այն դաժան պիտի ըլլայ ահաբեկիչներուն համար, եւ մասնաւորապէս «Նուսրա» խմբաւորման համար, որ կը վայելէ ԱՄՆ-ի կամաւոր կամ ակամայ աջակցութիւնը:

Լաւրով նշած է նաեւ, որ հարցը բազմիցս բարձրացուած է իրենց կողմէ Ուաշինկթընի մօտ, սակայն ապարդիւն: