Ռուսիա աւելի քան 4000 թոն շինանիւթ եւ շինարարական սարքեր ուղարկած է Սուրիա, ահաբեկիչներէն ազատագրուած շրջաններուն մէջ աւերուած ենթակառուցուածքի վերակառուցման նպատակով: Այս մասին յայտարարած է Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը:
Նախարարութեան յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ ներկայիս շինանիւթերը եւ սարքերը երկաթուղիի միջոցաւ կը հասցուին Նովորոսիսկի նաւահանգիստ, ուրկէ եւ պիտի տեղափոխուին Սուրիա:
Նշուած է նաեւ, որ այդ առաքուող բեռին մէջ կան քարշիչ եւ շաղախ պատրաստող սարքեր, ինչպէս նաեւ աւելի քան 2 թոն մետաղեայ խողովակներ, ջուրի ցանցեր, ելեկտրական լարեր՝ ելեկտրագիծերն ու հաղորդակցութեան կապերը վերականգնելու նպատակով: Կայ նաեւ մեծ քանակութեամբ շինանիւթ՝ հիւանդանոցներու, դպրոցներու եւ այլ հասարակական հաստատութիւններու նորոգման եւ վերակառուցման համար: