Ռուսաստանի արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւնը կ'ընդլայնէ Արցախի մէջ մարդասիրական առաքելութեան իրականացման խումբերու թուակազմը։ ՌԴ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան մամուլի ծառայութեան տեղեկացմամբ, Լեռնային Ղարաբաղ ուղարկուած են սարքեր, բժիշկներ եւ հոգեբաններ: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ գործակալութիւնը։
Ռուսաստանի արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան խումբի երկարաժամկէտ տեղակայման համար Ստեփանակերտի մէջ ճամբար հիմնուած է, որ կը շարունակէ մարդասիրական օգնութիւն տրամադրել ռազմական գործողութիւններու հետեւանքով տուժած մարդոց։
Ստեփանակերտի մէջ գործող ռուսական յատուկ նշանակութեան բժշկական ստորաբաժանումը մէկ օրուայ ընթացքին ընդունած է մօտ 40 բնակիչ: Բժշկական ջոկատի առաջին ստորաբաժանման կազմին մէջ Ստեփանակերտ ժամանած է շուրջ 60 բժիշկ։ Երկրորդ ռազմական հիւանդանոցը պիտի տեղակայուի Մարտակերտ բնակավայրին մէջ, ուր աշխատանքներ արդէն սկսած են։
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսվել