Սուրիոյ մէջ ռուսական զօրքերու հրամանատար Սերկէյ Սուրովիքին բարձր գնահատած է հրամանատար Սուհէյլ Ալ Հասանի գլխաւորած ռազմական ուժերու մարտունակութիւնը, որ նպաստած է «Իսլամական Պետութիւն» խմբաւորման դէմ կնքուած յաղթանակին: Այս մասին կը հաղորդէ «Ալ Ժատիտ» լրատուական կայքը:
Սուրովիքին Սուրիա այցելած նախագահ Փութինի ներկայութեամբ իր ելոյթի ժամանակ յայտնած է, որ թշնամիին դէմ տարուած յաղթանակին խոշորագոյն նպաստողը Սուհայլ Ալ Հասանի գլխաւորած ուժերն են, որոնք 187քմ տարածութեամբ հողերու վրայ իրենց իշխանութիւնը տարածեցին:
Նշենք, որ Սուհէյլ Ալ Հասան առաւել ծանօթ է «Վագր» ածականով, եւ Սուրիոյ բանակին ենթակայ «Վագրի ուժեր» անունը կրող զօրագունդի հրամանատարն է: