image

Ռաս Ուլ Այն. Թէժ մարտեր Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ զօրքերուն միջեւ

Ռաս Ուլ Այն. Թէժ մարտեր Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ զօրքերուն միջեւ

Ռաս Ուլ Այնի շրջանին մէջ սուրիական բանակի եւ Թուրքիոյ ԶՈՒ-ի միջեւ դաժան մարտեր տեղի կ'ունենան, կը յայտնէ ՍԱՆԱ-ն։

Կը նշուի, որ ռազմական բախումներուն կ'օգտագործուի ծանր եւ միջին ծանրութեան զէնք։

Յիշեցնենք, որ 9 հոկտեմբերին Անգարան յայտարարած էր Սուրիոյ հիւսիսը անվտանգութեան գօտի ստեղծելու նպատակով «Խաղաղութեան աղբիւր» գործողութեան սկսելու մասին։ Այն պէտք է պաշտպանական գօտի դառնար թրքական սահմանի համար։ 

17 Հոկտեմբերին Միացեալ Նահանգներն ու Թուրքիան ռազմական գործողութիւններու դադարեցման մասին համաձայնագիր կնքած էին։ Թուրքիան համաձայնած էր 120 ժամով դադրեցնել կրակը, որպէսզի «Դեմոկրատական Սուրիոյ ուժեր» դաշինքին մէջ մտնող քրտական ջոկատները կարողանան հեռանալ Անգարայի կողմէ ստեղծուող անվտանգութեան սահմանային գօտիէն։ 22 Հոկտեմբերին ՌԴ եւ Թուրքիոյ նախագահները Սոչիի մէջ հանդիպման ժամանակ Սուրիոյ հիւսիս-արեւելեան շրջանի իրավիճակի կարգաւորման համատեղ գործողութիւններու յուշագիր կնքած էին։ Փաստաթուղթի համաձայն, ռուսական զինուորական ոստիկանութիւնը եւ սուրիական սահմանապահները 23 հոկտեմբերի կէսօրէն տեղակայուած էին Թուրքիոյ կողմէ ստեղծուող 30 քիլոմեթրանոց անվտանգութեան գօտիի սահմանակից շրջաններուն մէջ։