Միջազգային մարդասիրական օգնութիւններու խումբերէն մէկը զգուշացուցած է Ռաքքայի պատերազմի աւարտէն ետք «Իսլամական Պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման կողմէ տեղի հողերուն մէջ տարածուած «Մահուան սերմեր»էն: Այս մասին կը հաղորդէ «Ալ Տիար» լրատուական կայքը:
Աղբիւրին փոխանցմամբ, ահաբեկչական խմբաւորման հեռանալէն ետք անոնց կողմէ ցանուած ականներն ու պայթուցիկ նիւթերը աւելի քան 49 անձի վիրաորման պատճառ դարձած է, որոնցմէ շատեր միչեւ հիւանդանոց հասնիլը մահացած է, որովհետեւ աւելի քան երկու ժամուան ճամբայ պէտք է կտրել, հասնելու համար ամենամօտիկ հիւանդանոցը:
Ըստ տեղական աղբիւրներու, Ռաքքայի մէջ «Իսլամական Պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման կողմէ ցանուած ականներուն զոհ դարձած են եօթ քաղաքացիներ: