Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Ճէյմս Մաթիս երէկ յայտարարած է. «Միացեալ Նահանգներ Թուրքիոյ ապահովական մտավախութիւններուն վերաբերեալ բոլոր միջոցառումները պիտի որդեգրէ»` նշելով. «Քիւրտ զինեալներուն տրամադրուող զէնքերը պիտի վերադարձուին Տահէշ խմբաւորումի պարտութենէն ետք»:
«Ռաքքայի վերատիրացման ճակատամարտին մասնակցելիք ուժերուն 80 առ հարիւրը պիտի ըլլայ արաբական»,- ընդգծեց ան:
Միւս կողմէ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթ յայտնած է, որ մայիսի կէսերուն Ամմանի մէջ ընթացք առած ռուս-ամերիկեան-յորդանանեան բանակցութիւնները աւարտած են անցեալ շաբաթ: Բանակցութիւններուն շնորհիւ եռակողմ փոխադարձ հասկացողութիւն գոյացած է հարաւային Սուրիոյ մէջ ապահով գօտիի սկզբունքներուն շուրջ: