image

Քուէյթի մէջ իր աղախինը սպանած լիբանանցին խոստովանած է

Քուէյթի մէջ  իր աղախինը սպանած լիբանանցին խոստովանած է

Քուէյթի մէջ մօտ ամիս մը առաջ լիբանանցի եւ սուրիացի ամուսիններու կողմէ սպաննուած ֆիլիփփինցի սպասուհիին դիակը յայտնաբերուելէն ետք Սուրիոյ իրաւասու մարմինները լիբանանցի ամուսինը յանձնած են Լիբանանի իրաւասու մարմիններուն, մինչդեւ իրենց մօտ պահած են սուրիացի կինը, կը հաղորդէ «Ալ Ժատիտ» լրատուական կայքը:

Հարցաքննութեան ժամանակ լիբանանցի ամուսինը խոստովանած է, որ երկու երեխաներու մայր իր կինը Քուէյթի իրենց տան մէջ տանջած է ֆիլիփփինցի սպասուին, մինչդեռ ինք՝ ամուսինը, գիտակցութիւնը կորսնցուցած վիճակի մէջ ողջ-ողջ սառնարան տեղափոխած է զինք:

Այնուհետեւ ամուսինը ոստիկանութիւն հաղորդում տուած է իրենց սպասուհիին կորսուած ըլլալուն վերաբերեալ եւ երկուքով հեռացած են Քուէյթէն, նախ՝ դէպի Լիբանան, ապա Սուրիա:

Ամուսիններու մեկնումէն միայն 18 անձ ֆիլիփփինցի սպասուհիին դիակը յայտնաբերուած է տանտիրոջ կողմէ: