«Քորոնա» ժահրային ճգնաժամը արմատապէս պիտի փոխէ համաշխարհային առեւտուրը, քանի որ ընկերութիւնները կը ձգտին նուազեցնել իրենց կախուածութիւնը չինական արտադրութենէն: Համավարակը ետ պիտի շրջէ համաշխարհայնացումը՝ արագցնելով շարժումը դէպի մատակարարումներու տարածաշրջանային շղթաներ, ըսուած է Economist Intelligence Unit-ի զեկոյցին մէջ:
Միջազգային առեւտուրին մէջ Չինաստանի գերակայութիւնը աճած է այն պահէն, երբ երկիրը 2001 թուականին ներառուեցաւ ԱՀԿ-ի կազմին մէջ: Այս իրադարձութիւնը EIU-ի կողմէ ճանչցուեցաւ որպէս համաշխարհայնացման վերջին ալիք, քանի որ բազմազգ ընկերութիւնները օգտուեցան երկրին մէջ արտադրութեան եւ պահանջարկի հնարաւորութիւններէն:
«Սակայն Covid-19-ի հետեւանքով, շատ հաւանական է, որ համաշխարհայնացման այս ժամանակահատուածը ոչ միայն կանգ առնէ, այլեւ ետ շրջուի»,- ըսուած է զեկոյցին մէջ՝ նշելով, որ չին-ամերիկեան առեւտրային պատերազմը եւ Չինաստանի մէջ աշխատավարձերու բարձրացումը արդէն իսկ դրդած են որոշ ձեռնարկութիւններու մատակարարման շղթաները տեղափոխել Ասիոյ միւս մասեր:
«Ատոր արդիւնքը պիտի ըլլայ մատակարարումներու ասիական ցանցը, որ աւելի քիչ կողմնորոշում պիտի ունենայ դէպի Չինաստան եւ աւելի բազմազան պիտի ըլլայ»,- ըսուած է զեկոյցին մէջ:
Չինաստանէն այդ հեռացումը կը վկայէ աւելի լայն միտման մասին, քանի որ միջազգային ընկերութիւնները, «Քորոնա» ժահրով պայմանաւորուած, մատակարարումներու հետ կապուած ցնցումէն ետք իրենց կայունութիւնը բարձրացնելու ուղիներ կը փնտռեն:
Մատակարարման շղթաներու ստեղծման կամ տեղաշարժի դժուարութիւններու պատճառով, յատկապէս ինքնագնացներու ոլորտին մէջ, շատ հաւանական է, որ նշանակալի փոփոխութիւնները մշտական դառնան։
Բազմաթիւ ոլորտներ, ինչպիսիք են դեղագործութիւնը, գիւղատնտեսութիւնը եւ ուժանիւթը, միջազգային առողջապահական ճգնաժամի պայմաններուն մէջ ճնշման տակ յայտնուած են, քանի որ անոնց կախուածութիւնը այնպիսի տնտեսութենէ, ինչպիսին Չինաստանինն է, եւ միջազգային պաշարներու հետ կապուած խնդիրները ճնշում կը գործադրեն մատակարարումներու շղթայի վրայ: Չորեքշաբթի EIU-ն նշած է, որ «Քորոնա» ժահրի համավարակը միակ խնդիրը չէ, որ ընկերութիւններուն կը ստիպէ վերանայիլ իրենց մատակարարումներու շղթաները:
Վերլուծաբանները նաեւ ընդգծած են, որ կլիմայի փոփոխութիւնը ընկերութիւններուն համար աւելի ու աւելի մեծ նշանակութիւն ձեռք կը բերէ՝ կանխատեսելով, որ մինչեւ 2050 թուականը համաշխարհային տնտեսութիւնը պիտի նուազի 3%-ով, քանի որ կ'աճին բնապահպանական խնդիրները, ինչպիսիք են բնական լուրջ աղէտները:
Շուկային հետեւող մասնագէտները համաշխարհայնացման տապալում կը կանխատեսէին դեռ մինչեւ Covid-19-ի բռնկումը: