image

«Քորոնա»ի Տագնապ. Հայաստանի մէջ ծանր հիւանդներու թիւը կը նուազի

«Քորոնա»ի Տագնապ. Հայաստանի մէջ  ծանր հիւանդներու թիւը կը նուազի

Հայաստանի մէջ 6 սեպտեմբերի դրութեամբ COVOD-19 ախտորոշում ունեցող քաղաքացիներէն ծանր վիճակի մէջ է 178-ը, ծայրայեղ ծանր՝  45-ը, թոքերու արհեստական օդափոխութեան սարքին միացուած է 17 հիւանդ. ընթացքը նուազման միտում ունի: «Արմենպրես»-ի հետ զրոյցի ժամանակ այս մասին յայտնած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարի մամուլի խօսնակ Ալինա Նիկողոսեանը:

«Այս պահին ծայրայեղ ծանր եւ ծանր վիճակի մէջ եղող հիւանդներու թիւը դէպի նուազում կ'երթայ: Դեռ մէկ ամիս առաջ մենք ունէինք 300, 400-ի հասնող  ծանր, ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ գտնուող քաղաքացիներ: Երէկուայ դրութեամբ անոնց թիւը 240 է: Օրական կտրուածքով ալ այն դէպի նուազում կ'երթայ»,-ըսած է խօսնակն ու յոյս յայտնած, որ առաջիկային ալ չաւելնար:

Ծանր եւ ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ գտնուող քաղաքացիներուն թիւը պայմանաւորուած է անով, թէ նոր արձանագրուող դէպքերը որքանով կ'աճին: Այս պահին ընթացքը դէպի նուազում կ'երթայ: Խօսնակը, սակայն, քաղաքացիներուն յորդորած է զգօնութիւնը չկորսնցնել, որ այս վիճակը հնարաւոր ըլլայ պահպանել: