image

Քրտական ուժերն իրենց դիրքերը կը զիջին Սուրիոյ բանակին

Քրտական ուժերն իրենց դիրքերը կը զիջին Սուրիոյ բանակին

Քրտական ինքնապաշտպանութեան ուժերու Հալէպի հրամանատար Ֆուրաթ Խալիլ «Ռօյթըրզ» լրատուական գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է, որ իրենց զօրքերը Աֆրին ուղղուած են, թրքական ուժերուն դէմ պայքարելու համար, որուն արդիւնքով Սուրիոյ բանակը ներթափանցելով ազատագրած է Հալէպի քրտական շրջանները:

Նշենք, որ Սուրիոյ բանակը նաեւ իր տիրապետութեան տակ առած է քիւրտերու իշխանութեան տակ գտնուող «Թալ Ռիֆաաթ» շրջանը, որ ըստ տեղական աղբիւրի փոխանցման, Սուրիոյ բանակին յանձնուած է քրտական ուժերուն հետ կնքուած համաձայնութենէն ետք: