Քրտական ինքնապաշտպանութեան ուժերու պաշտօնական խօսնակ Նուրի Մահմուտ մեղադրանք ուղղած է Թուրքիոյ դէմ, պնդելով, որ վերջինս Աֆրինի ենթակայ Ճնտերես աւանի խաղաղ բնակիչները քիմիական նիւթեր պարունակող ռումբերով հարուածած է:
«Սփութնիք» լրատուական գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին Մահմուտ յայտնած է, որ թրքական ուժերն ու անոնց հետ համագործակցող ահաբեկիչները զգալի յառաջխաղացում գրանցած են քանի մը սահմանակից գիւղերու մէջ, եւ համարեա' բոլոր գիւղերուն մէջ պատերազմական իրավիճակ կը տիրէ:
Ըստ Աֆրինի հիւանդանոցի տնօրէն Ճուան Մուհամմատին, 16 փետրուարին թրքական ուժերու արձակած քիմիական թունաւոր նիւթեր պարունակող ռումբերու հետեւանքով վեց անձ շնչահեղձ վիճակով հիւանդանոց տեղափոխուած են: