image

Քիւրտ վերլուծաբանը Սուրիոյ կառավարութեան կոչ ուղղած է

Քիւրտ վերլուծաբանը Սուրիոյ կառավարութեան կոչ ուղղած է

Սուրիացի քիւրտ քաղաքական վերլուծաբան Ռեզան Հատտօ «Սփութնիք»ի հետ զրոյցի ընթացքին Սուրիոյ կառավարութեան կոչ ուղղած է նախաձեռնութեամբ հանդէս գալ, Աֆրին քաղաքը թրքական վտանգէն զերծ պահելու նպատակով:

Վերլուծաբանը պատմած է, որ ինք եւ խումբ մը  քիւրտ մտաւորականներ կոչ ուղղած են քրտական ուժերը միաւորելով դիմել Դամասկոս, խնդրելով Աֆրինի եւ Սուրիա-Թուրքիա սահմանի իրավիճակը կարգաւորել:

Հատտօ շեշտած է, որ կառավարութեան հետ ակնկալուոծ հանդիպումը պէտք է ըլլայ դռնփակ, եւ ոչ լրատուամիջոցներէ հեռու:

«Թուրքն ու ամերիկացին ապօրինի կերպով մուտք գործեցին Սուրիա, եւ որպէսզի այս խնդիրը լուծենք, պէտք է մենք՝ սուրիացիներս կրկին ձեռք-ձեռքի տանք, ու այդ ժամանակ ոչ մէկ ազգ պիտի կարողանայ խաղալ մեր հետ, եւ պիտի չհաւատանք ԱՄՆ-ի կամ որեւէ այլ պետութեան, որ կը ցանկայ մասնատել մեր երկիրը»,- բարձրաձայնած է Հատտօ: