Համացանցի վրայ լայն տարածում գտած է Լիպիոյ նախկին նախագահ Քազզաֆիի մահէն առաջ Ուքրիանիոյ յետագայ ճակատագրին մասին կատարած կանխագուշակումները, որոնք տարօրինակ կերպով իրականացած են անոր մահէն ետք: Այս մասին կը հաղորդէ «Ալ Տիար» լրատուական կայքը:
Քազզաֆիի համոզմամբ, Ուքրանիոյ պարագային խնդիրն այն էր, որ վերջինս կը ցանկարիր անկախութեան երաշխիքներ ձեռք բերել, ինչպէս նաեւ միանալ ՆԱԹՕ-ի ու Եւրոմիութեան:
Ամենավատն այն է, ըստ Լիպիոյ նախկին նախագահին, որ Ուքրանիա իր ժողովուրդին չի լսեր:
Նշենք, որ Քազզաֆի բազմիցս այցելած է ե'ւ Ռուսիա, ե'ւ Ուքրանիա, իսկ իր վերջին այցելութիւնը Ուքրանիա 2008 ուականին էր, երբ հանդիպում ունեցաւ Եուշինքոյի եւ Թիմուշինքոյի հետ: