image

Քաղաքական անիրատեսութիւնը եւ պատերազմի արդիւնքը.Գէորգ Հալէպլեան

Քաղաքական  անիրատեսութիւնը եւ  պատերազմի արդիւնքը.Գէորգ Հալէպլեան

  «Մենք պէտք է ազատուենք անտեղի շուտ ոգեւորուելուց եւ շուտ հիասթափուելուց, շուտ հաւատալուց եւ յուսախաբուելուց։ Լինենք հաւասարակշռուած, խուսափենք անհարկի շտապողականութիւնից, մեր ազգը շատ համբերատար է եւ միաժամանակշատ յաճախ շտապում է։ Տիրապետենք շահերը համադրելու արուեստին։ Իմանանք, որ ամենալաւ բարեկամն անգամ իր սեփական շահերն ունի եւ դրանք գերադասելի է համարում։ Չվիրաւորուենք, երբ մեր բարեկամը իր շահերից ելնելով ընկերութիւն, կամ բարեկամութիւն է անում մեր թշնամիների հետ։ Քաղաքականութեան մէջ հեռատես եւ հաստատակամ լինենք, նաեւ ճկուն»

                                                                                      Կարէն Դէմիրճեան

 

           «Եթէ մենք հրաժարւում ենք այսօր մեզի տրուած խաղաղութեան պայմաններից, վաղը աւելի ցաւոտ եւ կործանարար պայմաններով ենք ստորագրելու խաղաղութեան պայմանագիրը»

                                                                                      Լեւոն Տէր Պետրոսեան

 

          Թաւշեայ հեղափոխութեան հետեւանքով իշխանութեան եկած նոր քաղաքական ոյժը իր հիմնական նպատակը ուղղեց երկրի դեպի ժողովրդավարական պետական կառավարում, մարդու սահմանադրական իրաւունքներու պաշտպանութիւն եւ ամրապնդում, փտախտի, տնտեսութեան եւ քաղաքականութեան մենաշնորհներու վերացում, նախկին օլիկարխիկ իշխանութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներու դէպի  հարկային եւ օրէնսդրական դաշտ բերելու եւ քրէական հետապնդման ենթարկելու, ինչպէս նաեւ դատաիրաւական համակարգի արմատական փոփոխութիւն, ժողովուրդի բարեկեցութեան բարելաւում, եւայլն։

          Հիմնուելով վերոնշեալ գործունէութեանց վրայ, նոր իշխանութիւնը իր հիմնական քննադատութիւններու թիրախ ընտրեց նախկին իշխանութիւններու էական սխալները, բայց դժբախտաբար  հասարակութիւնը շեղեց իրապէս առաջնային խնդիրներէն, ինչպիսիք են մօտալուտ պատերազմին նախապատրաստուիլը, ինպէս նաեւ մեր պետականութեան եւ ազգի համար թոյլ տուաւ ահաւոր սխալներ ՝ կրթական համակարգի ապազգային «փոփոխութիւնները», Արցախի հարցի խաղաղ  կարգաւորման բանակցութիւններուն դիւանագիտական եւ փորձառու հմտութեան պակասը, հասարակութեան «սեւերու» եւ «սպիտակներու» վտանգաւոր բաժանումը, եւ մանաւանդ Հայաստանի ներքին եւ արտաքին քաղաքական խնդիրներուն մէջ տեսնել եւ մեղադրել «Ռուսաստանի կայսերական քաղաքականութիւնը»,  հասարակութեան գիտակցութեան մէջ մտցնելով այն գաղափարը որ «արեւմտամէտ Հայաստանը երջանիկ եւ հանգիստ կ՚ ապրի ՆԱԹՕ-ի հովանիին տակ»։

           Սակայն պատահեցաւ անխուսափելին, եւ երբ անցեալ տարուայ Սեպտեմբերի 27-ին Ազրպէյճան յարձակեցաւ Արցախի վրայ, հայկական պաշտպանութեան բանակը հզօր դիմադրութիւն ցոյց տուաւ եւ մեծ կորուստներ պատճառեց թշնամիին։ Ճակատը չփլուզուեցաւ, հակառակ հիմնական յարձակման ուղղութեամբ ազրպէյճանական կողմին վիթխարի առաւելութեան։ Պատերազմի մեկնարկէն երեք շաբաթ յետոյ, ազրպէյճանական կողմը գործնականօրէն սպառեց իր յարձակողական ներուժը եւ յայտնուեցաւ աղէտի եզրին։ Յիշենք նախագահ Ալիեւի սպառնալիքները, երբ ան պարզ եւ յստակօրէն ըսաւ, որ ռազմական օգնութիւն պիտի խնդրէ Թուրքիայէն, որ մինչեւ վերջին պահը Ազրպէյճանին կոչ ըրաւ «երթալ մինչեւ յաղթական աւարտ»։ Եւ յետոյ Հադրութ, որուն հետեւեցաւ Շուշին...։ Ճիշտ է, Ռուսաստանը վերջին պահուն կրցաւ կանխել Արցախի հայութեան աղէտը ՝ խաղաղապահներ մտցնելով հակամարտութեան գօտի եւ , փաստօրէն, Պաքուէն վերցուց Ստեփանակերտի բանալիները։

             Պատերազմի արդիւնքը հիմնովին փոխեց ոյժերու յարաբերակցութիւնը ոչ միայն տարածքաշրջանին մէջ, այլեւ ամբողջ Մերձաւոր Արեւելքի տարողութեամբ։ Պատահական չէ, որ որոշ փորձագէտներ կը կարծեն, որ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն յետոյ Հարաւային Կովկասի մէջ հաստատուած է տարածքաշրջանային երրորդ կարգը։ Առաջինը աւարտեցաւ 1994 թուականին ՝ Արցախի վերաբերեալ Պիշկեքի համաձայնագրերու ստորագրութեամբ։ Երկրորդը կապ ունի 2008-ին Օգոստոսի Կովկասեան պատերազմին հետ, երբ Ռուսաստանը ճանչցաւ Ապխազիայի եւ Հարաւային Օսեթիայի անկախութիւնները։ Վերջապէս, երրորդը տեղի ունեցաւ 2020-ին, երբ համաշխարհային դիւանագիտութիւնը պարտուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը քաղաքական եւ դիւանագիտական ջանքերով լուծելու փորձերուն, եւ Պաքուն ոյժով վերականգնեց վերահսկողութիւնը իր կորսնցուցած տարածքներուն վրայ։ Այստեղ ուշագրաւ է արտաքին ոյժերու գործոնը։ Ինչպէս կը նշուի Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ.- «Տարածքաշրջանային հակամարտութիւնները եւ ճգնաժամային իրավիճակները լուծելու Ռուսաստանի ջանքերը շոշափելի արդիւնքներ տուած են»։ Մեր կարծիքով, Մոսկուան էր, որ կարողացաւ կասեցնել Մերձաւոր Արեւելքէն Անդրկովկաս անկայունութեան արտահանումը։

             Հակամարտութեան մէկ այլ արտաքին եւ ուղղակի մասնակից ՝ Թուրքիան, իր բարձր որակի ռազմական արհեստագիտական զինանոցով եւ մասնագէտներով Ազրպէյճանի յաջողութեան գրաւականը հանդիսացաւ, որ նաեւ ունէր իր դարաւոր երազը ՝ փանթուրքիզմն ու փանթուրանիզմը իրականացնելու հնարաւորութիւն այս տարածքաշրջանէն ներս։։ Իսկ ինչ կը վերաբերի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն եւ Ֆրանսային, որոնք 28 տարի կը մասնակցէին որպէս ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի համանախագահող երկիրներ, վերջին փուլին անոնք դուրս եկան կարգաւորման գործընթացէն։ Միացեալ Նահանգներուն մէջ նախագահական ընտրութիւններ էին, եւ կարծէք Ուաշինկթըն հետաքրքրուած չէր Ղարաբաղով, իսկ Ֆրանսան կա՚մ  չցանկացաւ, կա՚մ չկարողացաւ ղեկավարել Եւրոպական Միութեան ջանքերը Ղարաբաղի ուղղութեամբ։ Ոստի հիմնական դերերը խաղացին Ռուսաստանը եւ Թուրքիան։

             Եւ այժմ իրավիճակը այնպէս կը զարգանայ, որ որոշակի պայմաններու մէջ Արցախի կարգավիճակի հարցը կրնայ լուծուիլ Մոսկուա-Անգարա երկխօսութեան ձեւաչափով, առանց ԵԱՀԿ-ի Մինսքի մասնակցութեան։ Ինչպէս վերջերս ֆրանսական Le Figaro հրատարակութիւնը գրեց Եւրոմիութեան հասցէին հետեւեալը.- «Կովկասի ուղղութեամբ եւրոպական դիւանագիտութեան ճգնաժամի եւ ռուս-թուրքական առերեւոյթ մարտավարական դաշինքի հետ ճակատամարտին մէջ անոր պարտութեան մասին»։

              Արցախեան պատերազմի մէկ այլ փաստացի, բայց ոչ աշխոյժ մասնակից ՝ Պարսկաստանը, փաստեց իր պատերազմին չմասնակցելու «արդարացիութիւնը», առ այդ,  որ արտաքին ոյժերու( ի բացառեալ Ռուսաստանի, Պարսկաստանի եւ Թուրքիոյ) միջամտութիւնը չ՚օգնէր Կովկասեան հակամարտութիւններու լուծման։

               Եւ վերջապէս, ֆրանսական Le Monde-ը կը յորդորէ.- «Դուք պէտք է պատրաստ ըլլաք վաղուայ պատերազմին, քանի որ ըստ էութեան հակամարտութիւնը դեռ լուծուած չէ ՝ ըլլայ այն Արցախի կարգավիճակ, թէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ապագայ սահմանները»։ Ուրեմն, Ռուսաստանը երկարաժամկէտ հեռանկարով պէտք է վարէ զգոյշ եւ լաւ մտածուած քաղաքականութիւն տարածքաշրջանին մէջ, առաջնահերթութեամբ Մոսկուա-Անքարա-Թեհրան տարածքով, միեւնոյն ժամանակ չանտեսելով Արեւմուտքի հետ հնարաւոր երկխոսութիւնը։ Մինչ այդ, հաերենիքի մէջ իշխանութիւնը հասարակութեանը պետք է դուրս բերէ համազգային սգոյ իրավիճակէն,  ժողովուրդին դուրս բերէ  ընկճուած եւ ծանր բարոյա-հոգեբանական վիճակէն, կիսափլուզուած տնտեսութիւնը վերականգնելու աշխատանքին լծուի,  համախմբէ խորհրդարանական եւ արտա-խորհրդարանական քաղաքական ոյժերը, քաղաքացիական հասարակութեան, մտաւորականութեան, զօրաշարժի ենթարկէ Սփիւռքը իր ամբողջական ներուժով, որպէսզի միասնաբար վերականգնենք եւ վերակերտենք մեր երազած հայրենիքը։   

 

 Գէորգ Հալէպլեան