image

Պըն Սալման «քծնանք»ի իշխանն է. «Washington Post»

Պըն Սալման «քծնանք»ի իշխանն է. «Washington Post»

Ամերիկեան «Washington Post» թերթը յօդուած մը հրապարակած է «Քծնանքի իշխան» խորագրով, նկատի ունենալով Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Պին Սալմանը:

Թերթը անդրադարձած է Պըն Սալմանի կողմէ երկրին մէջ իրագործուած շարք մը բարեկարգումներուն, որոնցմէ են կիներուն ինքնաշարժ վարելու արտօնութիւն տալը, փտածութեան դէմ պայքարը, յառաջիկայ տարուան ընթացքին երկրին մէջ սինեմաներու ցուցադրասրահներ հիմնելու արտօնութիւնը, երկրի տնտեսական աճը բացառապէս նաւթի վրայ հիմնուած ըլլալէն ձերբազատելու միտումը, ինչպէս նաեւ երիտասարդ սերունդի պահանջներուն ընդառաջելը, սակայն այնուամենայնիւ, թերթին կարծիքով, Պին Սալման այս բոլոր բարեփոխումները կ'իրագործէ իր մեծամտութիւնը յագեցնելու նպատակով:

Թերթը բացայայտած է նաեւ Պըն Սալմանի կողմէ Ֆրանսայի մէջ գնուած 300 միլիոն տոլար արժող պալատին ու Ռուսական բեւեռին մէջ 550 միլիոն տոլար արժող նաւին, սակայն մերժած է 450.3 միլիոն տոլար տրամադրել պատմութեան ամենաթանկարժէք արուեստի գործը՝ վերջերս աճուրդի դրուած Լիոնարտօ Տա Վինչիի նկարած պատկերը գնելու համար:

Ինչ կը վերաբերի փտածութեան դէմ պայքարի պատրուակով երկրի 159 ամենահարուստ գործարարները ձերբակալելով զանոնք կալանքի տակ պահելուն, թերթին համոզմամբ, նման արարքի նպատակը ոչ աւելին էր, քան իր իշխանութիւնն ամրապնդելը, մանաւանդ, որ ձերբակալուած իշխանները մինչեւ օրս դատարան չեն ներկայացուած ու կը շարունակեն կալանքի տակ մնալ: