image

Պըն Սալման դադրեցուց Յորդանանին օժադակութիւններու տրամադրումը

Պըն Սալման դադրեցուց Յորդանանին օժադակութիւններու տրամադրումը

Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Պըն Սալման իր հաւանութիւնը տուած է Արեւմտեան ափը Իսրայէլի տիրապետութեան տակ անցնելուն, որմէ ետք Արեւմտեան ափի ու Յորդանանի միջեւ սահմանը նոյնպէս պիտի պահպանուի իսրայէլեան ուժերու կողմէ, իսկ պաղեստինեան կողմը նշուած սահմանին ոչ մէկ զինուորական ուժ պիտի կարողանայ նշանակել:

«Ալ Տիար» լրատուական կայքի փոխանցմամբ, ԱՄՆ նախագահ Թրամբի Սէուտական Արաբիա կատարած այցելութեան ընթացքին Պըն Սալման 450 միլիառ տոլարի կանխավճար տրամադրած է, միաժամանակ խոստանալով նաւթի մէկ տակառը 63 տոլարի փոխարէն ԱՄՆ-ին վաճառել 40տոլարով, եւ թոյլ տալ սէուտական հողերու վրայ թիւով 4-7 ամերիկեան ռազմակայան հիմնել, փոխարէնը Իրանին դէմ պատժամիջոցներ սահմանելու եւ տարածաշրջանին մէջ վերջինիս հզօրութիւնը սահմանափակելու ուղղութեամբ գործողութիւնններ կատարելու խոստում ստանալով ԱՄՆ-էն:

Այս հողի վրայ Պըն Սալման ճնշում բանեցուցած է Յորդանանի թագաւորին վրայ, վերջինիս ստիպելով չմասնակցիլ Երուսաղէմի վերաբերեալ Թրամբի կայացուցած որոշման դէմ քուէարկող Պոլսոյ համագումարին, սակայն Յորդանանի թագաւորը մերժած է ենթարկուիլ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգի հրմանանին, որմէ անմիջապէս ետք վերջինս որոշում կայացուցած է իր երկրին կողմէ Յորդանանին տրամադրուող նիւթական օժանդակութիւնը դադրեցնելու: