«Պաղ Պատերազմի» տարիներուն քաղաքական քարոզչութիւնը իր բոլոր ուժգնութեամբ կը շարունակուէր: Բեւեռացած աշխարհին մէջ պետական սահմանները աւելի թանձր, իսկ երթեւեկութեան կարելիութիւնները աւելի սահմանափակ էին: Նմանապէս՝ պոլսահայերուն Հայաստանի եւ Սփիւռքի հետ ունեցած շփումներն ալ չափազանց նուազ էր:
Ի դարու կարեւոր մէկ հատուածը գրաւող այս ժամանակաշրջանը Թուրքիոյ մէջ ալ իր ամբողջ սաստկութեամբ կը տիրէր: Սովորական հայրենակիցներու արտաքին աշխարհի հետ յարաբերութիւնները սահմանափակ էին: Թերթերը գրաքննութեան ենթակայ էին, իսկ ձայնասփիւռի եւ հեռատեսիլի հաղորդումները պետութեան մենաշնորհն էր: Այս պայմաններու ներքեւ Պոլսոյ մէջ գործող հայերէն ձայնասփիւռ մը երազելը անկարելի էր:
Պոլսահայոց արտաքին աշխարհի հետ շփուելու եւ տարբեր աղբիւրներէն լուրեր ստանալու գլխաւոր միջոցներէն մին կը հանդիսանար կարճ ալիքէն հայերէն հաղորդումներ կատարող ձայնասփիւռի կայանները: Երեւանի Ռատիոկայանը, Ամերիկայի Ձայնը, Ազատութիւն Ռատիօկայանը եւ Վատիկանի Ռատիօն ոչ միայն աշխարհասփիւռ հայութեան մասին նորութիւնները կը հաղորդէին, այլ կը յագեցնէին հայերէն խօսք եւ հայ աշխարհիկ ու հոգեւոր երաժշտութիւն լսելու պոլսահայոց ծարաւը:
Խորհրդային Միութեան փլուզումէն յետոյ՝ Թուրքիոյ մէջ արտօնուեցաւ սեփական՝ ոչ պետական ձայնասփիւռի կայաններու հիմնումը: Միւս կողմէ, արհեստագիտական միջոցներու զարգացման բերումով կարելի եղաւ ունկնդրել հայերէն հաղորդումներ կատարող բազմաթիւ կայաններ՝ համայն աշխարհէն համացանցի միջոցաւ:
Սակայն պոլսահայութիւնը կարիքը ունէր իր առօրեայ մտահոգութիւնները ներկայացնող եւ այսպէսով իր ձայնը հանդիսացող ձայնասփիւռի կայանի մը, որ եթերային ալիքներով հաղորդումներ պիտի կատարէր:: Նման նախաձեռնութիւն մը նիւթական բարձր կարելիութիւններ կը պահանջէր, քանի որ ձայնասփիւռի կայանի մը արտօնութեան եւ ելեկտրամագնիսական ալիքի յաճախականութեան պետութեան կողմէ տրամադրումը չափազանց սուղ էր: Կը մնար մէկ այլ ընտրանք. հիմնել համացանցային ձայնասփիւռի կայան մը:
Պոլսահայոց այս ցանկութիւնը ի վերջոյ իրականացաւ Նոր Զարթօնք մակդիրով կազմակերպուած խումբ մը յառաջադէմ երիտասարդներու կողմէ: Հետեւաբար Նոր Ռատիօն իր հաղորդումներուն սկսաւ 2009ին՝ համացանցի միջոցաւ: Բացի հայերէնէ, այլ տեղական լեզուներով ալ հաղորդումներ կը կատարուին հայոց եւ այլ փոքրամասնութիւններու ձայնը լսելի դարձնելու միտումով: Հաղորդավարները կը գործեն ամբողջովին սիրողական գետնի վրայ: Նոր Ռատիօն իր աշխոյժ գործունէութիւնով յաջող ընթացք մը ունեցաւ եւ յատկապէս մեծ ժողովրդականութիւն վայելեց՝ լայնախոհ հասարակութեան մօտ:
Հայերէն յայտագիրներէն եւ հաղորդավարներէն կարելի է նշել հետեւեալները.
«Կեդրոն»՝ Արթիւր Պաղտասարեան
«Երեւան Ռատիօ»՝ Նշան Կիւրէհ
«Աջէն-Ձախէն»՝ Հրակ Լեւոն
«Երանգ»՝ Թայիս Ալիճեան
«Անուշապուր»՝ Նոր Զարթօնք
Նկատի ունենալով պոլսահայոց մօտ հայախօսութեան չքանալը, շատ կարեւոր կը համարեմ Նոր Ռատիոյին առկայ գործունէութիւնը: Մեր սպասումն է աւելի բազմացնել հայերէն յայտագիրներու նուիրուած ժամերը: Յամենայնդէպս պոլսահայ երիտասարդներու այս քաջ եւ սիրողական նախաձեռնութիւնը արժանի է բարձր գնահատանքի:
Նոր Ռատիոյի հաղորդումները կարելի է լսել եւ կապ հաստատել հետեւեալ կայքէջով. http://www.norradyo.com/
Ալպէր Քէշիշ / Պոլիս/Յատուկ ՝ «Արեւելք»ին