Սպիտակ Տունը պաշտօնապէս յայտարարած է, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամբ ուրբաթ, 7 յուլիսին պիտի հանդիպին:
Սա առաջին հանդիպումը պիտի ըլլայ երկու առաջնորդներուն միջեւ, որ տեղի պիտի ունենայ Գերմանիոյ՝ Համպուրկի մէջ, «Մեծ Քսանեակ»-ի վեհաժողովի ծիրէն ներս:
Նախապէս ամերիկեան եւ ռուսական կողմերու ներկայացուցիչները յայտնած էին Համպուրկի մէջ նախագահներու հաւանական հանդիպման մասին, սակայն յստակ տեղեկութիւն չէին տուած: