Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ հեռախօսազրոյցի ժամանակ դրական գնահատած է Սուրիոյ հարցով Ռուսաստանի եւ Թուրքիոյ պայմանաւորուածութիւնները, կը յայտնէ «ՌԻԱ Նովոսթի»ն՝ յղում կատարելով Քրեմլի մամուլի ծառայութեան։
«Էմանուէլ Մաքրոնը դրական գնահատած է Ռուսաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները։ Ընդհանուր կարծիքի համաձայն, Սոչիի յուշագրով նախատեսուած միջոցառումները լաւ հիմք են Անդրեփրատեան տարածաշրջանին մէջ կայունութեան համար եւ կը նպաստեն սուրիական ճգնաժամի ամբողջական կարգաւորման»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Աղբիւրի հաղորդմամբ, զրոյցի ընթացքին յոյս յայտնուած է, որ Սուրիոյ սահմանադրական յանձնաժողովի առաջին նիստը կառուցողական եւ արդիւնաւէտ կ'ըլլայ։
Բացի այդ, ՌԴ նախագահը Մաքրոնին պատմած է Սոչիի մէջ աւարտած «Ռուսաստան-Ափրիկէ» գագաթաժողովի արդիւնքներու մասին՝ շեշտադրելով այն, որ «մասնակիցները փոխշահաւէտ եւ փոխյարգալից հիմքի վրայ համագործակցութեան բազմակողմանի ամրապնդման տրամադրուածութիւն ցուցաբերած են»։