image

Փաշինեանի կառավարութիւնը քննարկած է հայրենադարձութեան թեման

Փաշինեանի  կառավարութիւնը  քննարկած է   հայրենադարձութեան   թեման

20 Օգոստոսին փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեանի գլխաւորութեամբ կառավարութեան մէջ տեղի ունեցած է քննարկում հայրենադարձութեան վերաբերեալ:

Փոխվարչապետը ընդգծած է,որ պէտք է ապահովել հայրենադարձներու համար արդէն իսկ առկայ տարբեր ծրագրերու փոխգործելիութիւնը, անհրաժեշտութեան պարագային ստեղծել նորերը եւ մէկ միասնական փաթեթ մշակել: Ծրագիրները պէտք է ունենան թէ՛ կարճաժամկէտ, թէ՛ երկարաժամկէտ բաղադրիչ:

Հանդիպման մասնակիցները անդրադարձած են հայրենադարձներու կարիքներու գնահատման, հաւանական խնդիրներու բացայայտման եւ անոնց լուծման համար անհրաժեշտ միջոցներու ներգրաւման:

Քննարկուած են հայրենադարձներու կացութեան, կրթութեան, առողջապահութեան, տնտեսական գործունէութեան ծաւալման վերաբերող հարցեր: