image

Պէյրութ.Մոհամմատ Պըն Սըլման պիտի գնէ վարչապետի Քրայթէմի պալատը

Պէյրութ.Մոհամմատ Պըն Սըլման պիտի գնէ վարչապետի Քրայթէմի պալատը

Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մուհամմատ Պըն Սըլման հրահանգ տուած է՝ վարչապետ Սաատ Հարիրիի Քրայթէմի պալատը գնելու: Այս մասին կը հաղորդէ «Ալ-Տիար», նշելով, որ Պըն Սըլմանի նման որոշումը կայացած էր, անոր պատուիրակի յայտնելէն վերջ, որ Պէյրութի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատունը փոքր է եւ վայել չէ թագաւորութեան:  

Գահաժառանգի խնդրանքով եղած ուսումնասիրութիւններէն ետք, գտնուած է, որ լաւագոյն վայրը Քրայթէմի պալատն է, անոր յարակից մեծ հրապարակով, կողքի մեծ շէնքով, նիստերու դահլիճներով, աւելի քան 63 գրասենեակային տարածքներով եւ Վերտան շրջանի ամենամեծ անշարժ գոյքով:

Սակայն ըստ աղբիւրին, Քրայթէմի պալատը վարչապետ Սաատ Հարիրիի սեփականութիւնը չէ, այլ Տիկ. Նազէք Ռաֆիք Ալ-Հարիրիի, այդ իսկ պատճառով Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգի պատուիրակութիւնը հանդիպած է Տիկ. Հարիրիի հետ եւ վերջինս համաձայնած է այն վաճառել Պըն Սըլմանին:

Կը նշուի նաեւ, որ Պըն Սըման պահանջած է Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատունը նոյն տեղը պահել, իսկ Քրայթէմի պալատը օգտագործել որպէս իր նստավայր, ուր ինք պիտի մնայ Պէյրութ կատարած այցելութիններու ժամանակ: