Արտեմ Բաթաբութեան արժանացած է գիտութեան բնագաւառի հեղինակաւոր «Քաւլի» մրցանակին։ Այս մասին գրած է Ֆեյսպուքեան օգտատէր Յովակիմ Զաքարեանը եւ աւելցուցած․ «Հիանալի անձնաւորութիւն եւ գիտնական»։
«San Diego Union Tribune» թերթը մանրամասնած է, որ ջղաբան Արտեմ Բաթաբութեան ջղային վիրաբուժութեան 2020 թուականի «Քաւլի»ի մրցանակը շահած է մարդկային մարմիններու ճնշման ու շփումներու զգացողութեան ազդեցութիւնը սիրտի եւ այլ օրկաններու բջիջներու գործառոյթներու վրայ հետազօտութեան համար:
Բաթաբութեան 1 միլիոն տոլարի մրցանակը պիտի կիսէ Սան Ֆրանսիսքոյի Քալիֆորնիոյ համալսարանի գիտաշխատող Տեւիտ Ճուլիսուսի հետ, որ բացայայտած է, թէ ինչպէս մարմինները կը զգան տաքը եւ պաղը: «Անոնց յայտնագործութիւնները յեղափոխական կը համարուին գիտական աշխարհի մէջ եւ մեծ ազդեցութիւն պիտի ունենան ամբողջ աշխարհի մէջ առողջութեան եւ հիւանդութեան խնդիրներու լուծման վրայ», - ըսած է ջղաբանութեան մէջ «Քաւլի»ի մրցանակային յանձնաժողովի նախագահ Քրիսթինէ Ուալհոուտը:
Թերթը նաեւ կը հաղորդէ, որ 52-ամեայ Բաթաբութեան ծնած է Պէյրութ, երեք երեխաներէն կրտսերն է, մայրը նախակրթական դպրոցի ուսուցիչ էր, իսկ հայրը `գրող եւ հաշուապահ: 1970-ականներու քաղաքացիական պատերազմէն ետք Լիբանանէն տեղափոխուած է Լոս Անճելոս, ուսանած է Քալիֆորնիոյ համալսարանը եւ կեանքը նուիրած է մոլեքիւլար (մասնկային) կենսաբանութեան:
