Պէյրութի յատկապէս կեդրոնական շրջանին մէջ այսօր առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ լարուած կացութիւն կը տիրէ։
Այս մասին տեղեկութիւնը կը հաղորդէ LBC կայանը, նշելով, որ հարիւրաւոր երիտասարդներ կը փորձեն մօտենալ խորհրդարանի շէնքին, իսկ ցոյցերուն զուգահեռ ապահովական ուժեր կը փորձեն տարբեր միջոցներով հեռացնել ցուցարարները։
Լարուած մթնոլորտին մէջ տեղի ունեցած են բախումներ, սակայն վիրաւորներու կամ տուժածներու մասին յստակ տուեալներ չեն հաղորդուիր։
Լարուած մթնոլորտ կը տիրէ յատկապէս «Ալ Նահար» թերթի շրջակայքը, որ կը համարուի դէպի խորհրդարան տանող կարեւոր ճանապարհ մը։ Կարգ մը շրջաններու մէջ ապահովական մարմիններ արցունքաբեր կազ, ինչպէս նաեւ ջրցան մեքենաներ գործի կը դնեն՝ հեռացնելու համար ցուցարարները։
Նշենք, որ այսօր կարեւոր օր է վարչապետ Հասսան Տիապի կառավարութեան համար, այն իմաստով, որ խորհրդարանը վստահութեան քուէի նիստ պիտի կայացնէ, որուն ընթացքին ալ փակ քուէարկութեամբ երեսփոխանները իրենց «այո՛»ն կամ «ո՛չ»ը պիտի տան այս կառավարութեան։