Սուրիոյ երկաթուղիներու վարչութեան գլխաւոր տնօրէն Նաճիպ Ֆարէս անցնող երկուշաբթի օր տեղի ունեցած սուրիացի եւ ռուս գործարարներու համագումարի ընթացքին յայտարարած է, որ երկրի երկաթուղիներուն կրած վնասները 530 միլիառ լիրա գնահատուած են:
«Russia Today»ի հետ զրոյցի ընթացքին վերջինս յայտնած է, որ տակաւին ամբողջական գնահատում չէ իրականացուած, հետեւաբար նշուած թիւը ենթակայ է բարձրանալու:
Անդրադառնալով երկաթուղիներու աշխատանքի վերսկսման, Նաճիպ Ֆարէս վարչութիւնն իր աշխատանքները կը կատարէ ըստ առաջնահերթութիւններու, որոնցմէ է Սուրիոյ երկաթուղին իրաքեանին հետ կապելը: