image
Հրատապ լուրեր:

Պաղեստինցիներու ցոյցերը կը շարունակուին.Երէկ գրանցուած է մէկ զոհ

Պաղեստինցիներու ցոյցերը կը շարունակուին.Երէկ գրանցուած է մէկ  զոհ

Պաղեստինեան Առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտնած է, որ Ղազզայի սահմանին տեղի ունեցող ցոյցերու ընթացքին պաղեստինցի երիտասարդ մը զոհուած է եւ 41 անձ վիրաւորուած:

«Ալ Մայատին» լրատուական կայքի փոխանցմամբ, երիտասարդը զոհուած է Ղազզայի արեւելեան սահմանին ծայր առած «Ալ Աուտէ»ի ցոյցերու ժամանակ, երբ իսրայէլեան ուժերը կրակ բացած ու քանի մը տասնեակ պաղեստինցիներու վիրաւորման պատճառ դարձած են:

Նշուած է, որ ցոյցերու առթիւ «Ալ Աուտէ» գաղթակայան ժամանած են «Համաս» շարժման քաղաքական գրասենեակի նախագահ Իսմայիլ Հանիէ եւ շարժման Ղազզայի մասնաճիւղի նախագահ Եահիա Ալ Սինուար:

Բախումները պատճառ դարձած են նաեւ հրդեհներու բռնկման: