Պաղեստինեան ինքնապաշտպանութեան խմբակցութիւնները քանի մը հրթիռ արձակած են Իսրայէլի տիրապետութեան տակ գտնուող շրջաններուն ուղղութեամբ, կը յայտնէ «Russia Today» լրատուական ցանցը:
Ղազզայի բնակիչ պաղեստինցիներու փոխանցմամբ, շաբաթ գիշեր իսրայէլեան օդուժը քանի մը յարձակում իրագործած է Ղազզայի երկու շրջաններու վրայ, ի պատասխան պաղեստինեան ինքնապաշտպանութեան խմբակցութիւններու արձակած հրթիռներուն:
Աւելի վաղ իսրայէլեան կողմը յայտարարած էր, որ Ղազզայի կողմէ երկու հրթիռ արձակուած է գրաւուած հողերու ուղղութեամբ, որոնցմէ մէկուն դէմն առնուած էր, իսկ երկրորդն իր թիրախին չէր հասած: