«Իսլամական պետութեան» առաջնորդ Ապու Պաքըր Ալ Պաղտատի սպաննուած է։
Այս մասին տեղեկութիւնը հաղորդեց ամերիկեան «Սի. Էն. Էն.» կայանը, նշելով նաեւ որ Պաղտատիի սպանութիւնը կատարուած է կորածնիչներու յարձակման ճանապարհով։
Աղբիւրը նաեւ նշեց, որ Պաղտատիի սպաննութեան գործողութեան մասնակից եղած են ամերիկեան մասնայատուկ ուժեր, որոնց հետ մասնակցութիւն բերած են տարբեր երկիրներու գաղտնի սպասարկութեան մարմիններ։
Տարբեր աղբիւրներ թեմային ա մասին խ»օսելով նկատել տուած են , որ Պաղտատի կարողացած է ճողոպրիլ օդային գրոհէն ու ապա նկատելով, որ պաշարուած է ամերիկեան ուժերուն կողմէ, ինքզինք պայթեցուցած է։
Կը նշուի նաեւ, որ ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամբ անդրադարձած է Պաղտատիի սպանութեան գրառում մը կատարելով, եւ ըսելով, որ «այսօր շատ կարեւոր գործողութիւն մը իրականացուեցաւ»։
Իր կարգին «Ֆոքս» կայանը Պաղտատիի սպանութեան լուրին անդրադառնալով նած է, որ ամերիկեան ուժեր բաժիններ վերցուցած են դէպքին վայրը գտնուած դիակէն, որ կ՚ենթադրուի, թէ կը պատկանի Պաղտատիին։
Իրանցի երկու կարեւոր պատասխանատուներ խօսելով «Ռօյթըրզ» գործակալութեան հաւաստած են, որ իրենք եւս ստացած են Պաղտատիի սպանութեան լուրը սուրիական աղբիւրէ մը։