2018 թուականի շեմին ժողովուրդին մէջ դարձեալ հարցադրումներ կ'առաջանան յառաջիկայ տարուան մասին ֆրանսացի հռչակաւոր գուշակ Նոսդրատամուսի կատարած կանխագուշակումներուն շուրջ:
Օրերս Նոսդրատամուսի գուշակութիւններու վերլուծութիւններով զբաղող կայքը հրապարակած է 2018 թուականի համար գաղտնազերծուած կանխագուշակութիւններէն կարեւորագոյնները, որոնք մեծ փոփոխութիւն պիտի կատարեն աշխարհի մէջ:
Գուշակին համոզմամբ, Թրամբի ընտրութիւնը պատճառ պիտի դառնայ Իսրայէլի կործանման:
«Մեծ քաղաքի հանրապետութիւնը»ը ըսելով Նոսդրատամուս նկատի ունի ԱՄՆ-ն, զոր Թրամբ խոշոր ռազմական գործողութիւններու պիտի մղէ:
Ամենասարսափելի գուշակութիւնը կապուած է Երրորդ համաշխարհայինպատերազմի բռնկման հետ, որուն մասին գուշակը նշած է, թէ մեծ հակամարտութիւն պիտի սկսի, եւ Ֆրանսայի ու այլ շրջաններու մէջ իրագործուած ահաբեկչական յարձակումներն անոր նախաքայլն էին:
Հակամարտութիւնը սկիզբ պիտի առնէ Ֆրանսայէն, այնուհետեւ պիտի հասնի մինչեւ Եւրոպա, որմէ ետք իր դաժան ազդեցութիւնը պիտի ունենայ ամբողջ աշխարհին վրայ:
Նոսդրատամուսին համոզմամբ, համաշխարհային պատերազմը մեծ թիւով զոհեր ու վնասներ պիտի խլէ, սակայն 2025 թուականին վերջ պիտի գտնէ:
Յառաջիկայ տարուան ընթացքին տեղի պիտի ունենան նաեւ ջրհեղեղներ, աննախադէպ երկրաշարժներ, որոնք պիտի հարուածեն տարբեր երկիրներ, այդ թուին՝ Չինաստանը, նաեւ կլիմայական աղէտներ պիտի պատահին, եւ Ռուսիա երկրաշարժի պիտի ենթարկուի:
Նոսդրատամուս կանխագուշակած է նաեւ տնտեսական ճգնաժամի մասին, ըսելով. «Հարուստները մէկէ աւելի անգամ պիտի մահանան»: