«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ քաղաքական վերլուծաբան Եղիա Թաշճեան.
-Ի՞նչ իրավիճակ կը տիրէ Պէյրութի մէջ՝ նոր կառավարութեան կազմութենէն ետք։
Կառավարութեան կազմութենէն ետք որոշ հանդարտութիւն մը կը տիրէ եւ ժողովուրդը կը սպասէ, թէ այս կառավարութիւնը ի'նչ քայլերու պիտի դիմէ: Սակայն կեդրոնական Պէյրութի շուկան դարձած է գրեթէ ամայի, հսկայ գործարաններ եւ ճաշարաններ փակած են իրենց դռները եւ այս մէկը անշուշտ ժխտական ազդեցութիւններ պիտի ունենայ երկրի տնտեսութեան վրայ: Մէկ կողմէ ցոյցերը տակաւին կը շարունակուին, ցուցարարները կը փորձեն ճնշումներ բանեցնել նոր վարչապետին վրայ, միւս կողմէն ալ կարգ մը ներքին եւ արտաքին մութ ուժեր կը մղեն ցուցարարները բռնութեան կիրառման: Հետեւաբար, իմ կարծիքով, կարեւոր է, որ նոր կառավարութիւնը գալիք օրերուն հանդէս գայ եւ իրագործէ այնպիսի յուսադրող ծրագիր մը, որ կարողանայ զսպել եւ նուազեցնել փողոցի դժգոհութիւնը:
-Փողոցի մէջ ընթացող ցոյցերը եթէ շարունակուին եւ մեծ թափ ստանան, կրնա՞ն վտանգ հանդիսանալ նորակազմ կառավարութեան։
Այդ մտահոգութիւնը կայ, սակայն ամենայն հաւանականութեամբ ցոյցերը առայժմ պիտի սահմանափակուին, որովհետեւ, յստակ է, որ շատեր կ'ուզեն առիթ տալ այս կառավարութեան, հակառակ ատոր, կան նաեւ խումբեր, որ նոր կառավարութիւնը կ'ընկալեն որպէս դիմակ նախկին քաղաքական իշխանութեան:
Ըսեմ, որ եկող շաբաթը աւելի վճռորոշ պիտի ըլլայ, այն առումով, որ կառավարութիւնը պիտի ունենայ երկու նիստ, որուն ընթացքին պիտի ճշդէ իր տնտեսական ուղղութիւնը:
Ինչպէս նախապէս ալ ըսած եմ, այս ցոյցերու ճակատագիրը յստակ չէ, որովհետեւ բողոքարարները յստակ ղեկավարութիւն մը չունին եւ յայտնի չէ անոնց ստանալիք գունաւորումը, գաղափարական գիծը, հետեւաբար կարելի չէ կռահել, թէ այդ ցոյցերը պիտի դադրին թէ ոչ: Վերջերս նաեւ կը խօսուի թրքական գործօնին մասին եւ այս առումով պէտք է զգուշ ըլլալ:
-Այսօր լիբանանցի ժողովուրդին էական պահանջները ի՞նչ են նոր կառավարութենէն։
Ժողովուրդին պահանջը կը մնայ նոյնը՝ ունենալ ընկերային եւ տնտեսական արդար համակարգ, որուն համար կը պահանջուի դրամատիրական համակարգի բարենորոգում, progressive taxation, անարդար հարկերու վերացում եւ ընկերային բարեկարգումներ: Շատեր նաեւ կ'առաջարկեն, որ երկրի տնտեսութեան հիմքը ըլլան գիւղատնտեսութիւնն ու ճարտարարուեստը եւ ոչ թէ ծառայութեան սպասարկման կամ դրամատիրութեան դրամատուներու ոլորտները, ինչպէս որ էր 1991-էն մինչեւ օրս: Իմ կարծիքով ալ, տնտեսական այս ձախող համակարգը պէտք է փոխուի եւ առաջնահերթութիւն տրուի արդիւնաբերութեան եւ արտածելուն:
Նշեմ նաեւ, որ վերջին օրերուն այլ նոր պահանջներ եւս արձանագրուեցան, ինչպէս օրինակ՝ ընտրական նոր օրինագիծ մշակելը եւ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ կազմակերպելը։
-Այս կառավարութիւնը բաւարար ներուժ ունի՞ Լիբանանի վրայ տարածուող համընդհանուր փլուզման ուրուականը հեռացնելու, կամ ցրելու համար։
Այս իրավիճակէն մեկնելով` ներկայ կառավարութիւնը կազմող քաղաքական ուժերը բնականաբար ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն, լուծելու համար կառավարութեան առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները: Երկու տարի ետք մեզ կը սպասեն խորհրդարանական ընտրութիւններ, հետեւաբար իշխող ուժերը պիտի փորձեն առաւելագոյն նուաճումներ արձանագրել: Նոյնը պիտի ընէ ընդդիմութիւնը, որ այդ ընթացքին ջանք պիտի չխնայէ հարուածելու համար կառավարութեան ծրագրերները: Միւս կողմէ, գետնի վրայ կը ձեւաւորուի արտախորհրդարանական ընդդիմութիւն մը, որ տակաւին յստակ չէ, թէ ինչ ոճով կամ ձեւաչափով պիտի մասնակցի առաջիկայ ընտրութիւններուն:
Այս նորակազմ կառավարութիւնը ունի բազմաթիւ մարտահրաւէրներ, նախ պէտք է լուծէ դրամատուներու տագնապը, ապա լիբանանեան թղթոսկիի արժեզրկման հարցը եւ տնտեսական տագնապը: Այս հարցերը լուծելու համար չի բացառուիր, որ կառավարութիւնը դիմէ ոչ ժողովրդական քայլերու, ինչպէս եղած է Յունաստանի, Սպանիոյ եւ Փորթուկալի պարագային, ուր տարիներ պահանջուեցան, որպէսզի տնտեսութիւնը վերելք արձանագրէ:
-Հայկական շրջանակներուն մօտ ինչպիսի՞ն են ընդհանուր արձագանգները. լիբանանահայութիւնը դրական ընդունե՞ց այս կառավարութեան կազմութեան լուրը։
Հայկական շրջանակներուն մօտ մթնոլորտը դրական էր, մասնաւորապէս, երիտասարդ, մասնագէտ նախարարուհիի նշանակման համար, մանաւանդ որ Լիբանանի արդի պատմութեան մէջ առաջին անգամն է, որ հայուհի մը նախարարի պաշտօն կը զբաղեցնէ: Սակայն այդ չի նշանակեր, որ կառավարութեան շուրջ մտահոգութիւններ չկան, որովհետեւ մենք կը գիտակցինք, որ եթէ Հասսան Տիապի կառավարութիւնը ձախողի, այդ մէկը բոլորիս ձախողութիւնը պիտի ըլլայ, իսկ եթէ յաջողի, ապա ամբողջ Լիբանանի յաջողութիւնը պիտի ըլլայ:
Կը կարծեմ, դեռ կանուխ է գնահատականներ տալու համար, այս կառավարութեան աշխատելաոճին մասին, ճիշդ պիտի ըլլայ խօսիլ գալիք ամիսներուն, հակառակ որ Լիբանանի համար ժամանակը շատ սուղ է: