Սուրիոյ մէջ ընտանիքներու հարցերով զբաղող կազմակերպութեան նախագահ Մուհամմատ Աքրամ Ալ Քաշ յայտնած է, որ ըստ պաշտօնական տուեալներու, Սուրիոյ 28 միլիոն կազմող բնակչութեան 21 միլիոնը ներկայիս երկրի սահմաններէն ներս կը գտնուին, իսկ մնացեալ 7 միլիոնը մեկնած են երկրէն:
Ալ Քաշ սուրիական «Ալ Ուաթան» թերթին տուած հարցազրոյցի ժամանակ նշած է, որ երկրէն պաշտօնապէս արտագաղթողներու թիւը 4.5 միլիոն կը կազմէ, որոնցմէ 1.5 միլիոնը Սուրիոյ ճգնաժամի օրերուն պաշտօնական փաստաթուղթերով գաղթած են, մինչդեռ 2.5 միլիոն սուրիացի դրացի երկիրներ ապաստանած են որպէս փախստականներ:
Ալ Քաշի հաւաստմամբ, նշուած գաղթականները պարբերաբար կ'այցելեն երկիր ու սուրիական օրինաւոր անցագիրներ ունին: