Մոնսթըր քաղաքի վարչական դատարանը յայտնած է, որ Սուրիոյ նախագահ Ասատի հօրեղբօրորդիի այրին Գերմանիոյ մէջ փախստականի կարգավիճակ ստացած է: Այս մասին կը հաղորդէ «Սփութնիք» լրատուական գործակալութիւնը:
Աղբիւրը նշած է, որ Սուրիոյ եւ Լիբանանի երկքաղաքացի հանդիսացող կինը Ասատի հօրեղբօրորդիին հետ ամուսնացած է 1993 թուականին, սակայն 2014 թուականին անյայտ պայմաններու մէջ կորսնցուցած է սուրիական բանակի սպայ ամուսինը, որմէ ետք 2016 թուականին անոր որդին 20-ամեայ ազատազրկման դատապարտուած է, մեղադրուելով սպանութեան մէջ:
2015 թուականի սեպտեմբերին կինը յարձակման ենթարկուելով տեղափոխուած է Լիբանան, այնուհետեւ 2016 թուականի յուլիսին Գերմանիա մեկնելով փախստականի կարգավիճակ ստանալու դիմում ներկայացուցած է, դատարանին յայտնելով, թէ Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ իր կեանքը վտանգի տակ է: