Նախագահ Փութինի Սուրիա կատարած այցէն ընդամէնը ժամեր անց ամերիկեան «The New Yorker» ամսագիրը յայտնած է, որ ԱՄՆ նախագահ Թրամբի վարչակազմը արդէն պատրաստ է ընդունելու այն գաղափարը, որ Ասատ պիտի շարունակէ մնալ Սուրիոյ նախագահական աթոռին, մինչեւ 2021 թուականի նախագահական ընտրութիւնները:
Ամսագիրին համոզմամբ, ամերիկեան կողմի կայացուցած այսպիսի որոշումը կ'ապացուցէ ամերիկեան վարչակազմի հնարաւորութիւններու սահմանափակ ըլլալու հանգամանքը, ինչպէս նաեւ ռազմական գործողութիւններու արդիւնաւէտութիւնն ու Ասատի վարչակազմին օժանդակելու մէջ Ռուսիոյ, Իրանի եւ «Հըզպալլա»ի տարած յաղթանակը:
Ամսագիրը նշած է նաեւ, որ նման դիրքորոշում կը հակասէ սոյն թուականի հոկտեմբերի սկիզբը ԱՄՆ Արտաքին գործոց նախարարի յայտարարութեան, թէ Ասատի գերդաստանի իշխանութեան վերջը մօտեցած է:
Ինչ կը վերաբերի Ամերիկայի կողմէ օժանդակութիւն վայելող Սուրիոյ ընդդիմութեան, ամսագիրը շեշտած է, որ վերջիններս գործնական գետնի վրայ աւելի քան եօթ տարիներէ ի վեր ցոյց տուին, թէ անկազմակերպ են ու զուրկ են միասնականութենէ, հետեւաբար խաղաղութեան որպէս նախապայման անոնց կողմէ պահանջուած Ասատի հրաժարականը օրէ օր առաւել անհեթեթ կը դառնայ: