Սէուտական Արաբիոյ Թուիթըրեան նշանաւոր «աստղ»երէն մին , որ յայտնի է «Մուճթահէտ» անունով շարք մը գրառումներ կատարած է, անդրադառնալով Լիբանանի վարչապէտ Սաատ Հարիրիի հրաժարականին:
Գրառումներուն մէջ նշուած է, որ Հարիրի ոչ մէկ պատճառ ունէր նման յայտարարութեամբ հանդէս գալու, որովհետեւ իրավիճակը աստիճանաբար դէպի խնդիրներու լուծում կ'ուղղուէր, սակայն հարցը Հարիրին իր լիազօրութիւններէն զրկելն ու զինք Ռիատ վերադարձնելն էր:
Ինչ կը վերաբերի Հարիրին սպաննելու մտադրութեան, «Մուճթահէտ»ի կարծիքով, նման բան չի կրնար համապատասխանել իրականութեան, որովհետեւ անոր տկար վարչակարգի գոյութիւնը ձեռնտու է «Հըզպալլա»ի համար:
«Ըստ Սէուտեան Արաբիոյ հետախուզական մարմիններուն, ճիհատիստական շարժումներն աւելի վտանգաւոր են Հարիրիի համար, քան՝ «Հըզպալլա», որովհետեւ անոնք Հարիրին կը համարեն «Հըզպալլա»ի դէմ իրենց տկարանալու պատճառը: Իսկ ինչ կը վերաբերի Իրանի հետ Հարիրիի յարաբերութեան, վերջինս շատ ոգեւորուած էր Ուիլաեաթիի հետ իր վերջին հանդիպմամբ, եւ ան որպէս սուննի այնքան մեծ գիտակցութիւն չունի, որպէսզի Իրանի նենգամտութիւնը գուշակէ»,- նշուած է գրառման մէջ:
Հարիրին Սէուտեան Արաբիա վերադարձնելու հիմնական պատճառը, ըստ «Մուճթահէտ»ի, կալանաւորուած էմիրներուն հետ զինք կեղեքման ենթարկելով ոչ լիբանանեան աղբիւրներէ ձեռք բերուած հարստութիւնը խլելն է: «Այն յայտարարութիւնը, որ կարդց ան, ուրիշներ գրած էին իր փոխարէն, եւ ան համոզուած չէր ո'չ յայտարարութեամն, ո'չ անոր բովանդակութեամբ, եւ ոչ ալ համոզուած էր իր հրաժարականին մասին Ռիատէն յայտարարելու գաղափարին: Ինչպէ՞ս կրնայ երկրի մը քաղաքական ղեկավարներէն մին այլ երկրի մը մայրաքաղաքէն յայտարարել իր հրաժարականը»:
Գրառման մէջ միաժամական շեշտուած է, որ հրաժարականը պատրուակ մըն էր, որ կրնար պատճառաբանել անոր երկար կեցութիւնը Ռիատի մէջ, որովհետեւ որպէս վարչապետ պիտի չկարողանար երկար մնալ այնտեղ:
Նշենք, որ Հարիրի սէուտական քաղաքացութիւն ունի, որ եւ հնարաւորութիւն կ'ընձեռնէ Սէուտեան Արաբիոյ զինք որպէս սովորական քաղաքացի վերաբերելու եւ ըստ այնմ համապատասխան գործողութիւններ կատարելու: